2016-07-11 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Ո՞վ է իմ ընկերս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 Յուլիս 2016-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը. Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը Նորին Սրբութիւնը, ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ. 10, 25-37) ուր կը խօսուի ''Բարի Սամարացիի'' առակի մասին, խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն մէջ շեշտը դրաւ օրէնսգէտի մը Յիսուսին ուղղած հարցումին վրայ` ''Ո՞վ է իմ ընկերս''։

Մենք ալ ըսաւ նորին Սրբութիւնը կարող ենք նոյն հարցումը ուղղել այսօր '''Ո՞վ է իմ ընկերս, զո՞վ պէտք է սիրեմ իմ անձիս պէս. իմ ընտանիքս, իմ բարեկամներս, իմ հայրենակիցներս, նոյն կրօնի պատկան անձերը....Ո՞վ է իմ ընկերս''։

Այս հարցումին Յիսուս պատասխանեց առակով մը` Բարի Սամարացիի առակը որ կը պատմէ այն անձի մասին որ ճամբուն ծայրը տեսնելով անծանօթ մահամերձ մը կը գթայ անոր վրայ եւ օգնութեան կը հասնի անոր։

''Հարկաւոր չէ դասակարգել անձերը որպէսզի հասկնանք թէ ո՞վ է մեր ընկերը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս մէկը կախում ունի մեզմէ։ Մենք պէտք է որոշենք մօտիկ ըլլալ ուրիշին թէ ոչ, եթէ անձը որուն կը հանդիպինք կարիքը ունի մեր օգնութեան։

Աւետարանական հատուածին մէջ  Յիսուս օրէնսգէտին կ՛ըսէ ''գնա եւ դուն ալ նոյնպէս ըրէ'', հրահանգ մը որ Յիսուս կը կրկնէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ''գնա եւ դուն ալ նոյնպէս ըրէ'', մօտիկ եղիր եղբօրդ որ դժուարութեան մէջ կը գտնուի։ ''Բարի գործեր կատարել եւ ոչ թէ հովին տրուած խօսքեր արտասանել'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''այդ գործերու ընդմէջէն` որ կը կատարենք սիրով եւ ուրախութեամբ, մեր հաւատքը կը ծլի եւ պտուղներ կու տայ։

Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց ապա որ ամէն մին իր սրտին մէջ հարց տայ ''մեր հաւատքը պտղատու է թէ ամուլ, ես մօտիկ եմ ընկերոջս թէ քովէն կ՛անցնիմ ու կը հեռանամ''։

Լաւ է որ այս հարցումները ուղղենք մենք մեզի, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ վերջին դատաստանի օրը պիտի դատուինք ողորմութեան մեր կատարած գործերու համաձայն։ Եւ Տէրը մեզի կրնայ ըսել, դուն կը յիշե՞ս այդ օր երբ Երուսաղէմի Ճամբուն վրայ, կամ Երիքովի ճամբուն վրայ...այդ մարդը որուն հանդիպեցար` ես էի։ Կը յիշե՞ս այդ մանուկը որ անօթի էր` ես էի։ Կը յիշե՞ս այդ գաղթականը որ շատերը կ՛ուզեն վտարել` ես էի։ Այդ մեծ հայրիկը լքուած հանգստեան տան մէջ` ես էի, այդ հիւանդը մինակ հիւանդանոցի մէջ որուն եւ ոչ մէկը կ՛այցելէր` ես էի։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի օգնէ քալելու սիրոյ ճանապարհին վրայ, այդ վեհանձն սիրոյ` ուրիշներու հանդէպ, բարի Սամարացիի ճանապարհին վրայ։ Թող որ մեզ օգնէ ապրելու Քրիստոսի մեզի թողած հիմնական պատուիրանը. Ահա այս է ուղին` մուտք գործելու  յաւիտենական կեանքին մէջ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը որմէ ետք արտասանեց Մարեմեան աղօթքը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները վերյիշելով ''Ծովու Կիրակիի'' օրը ու ծովային մարդոց ի սպաս հովուական առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց զանազան խումբերուն որոնց շարքին նաեւ Արժանթինցի ուխտաւորներուն ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի անոնցմէ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.